2013-11-05 15:03:00

Հրասանդի պայթում` Սուրբ Աթոռի Տամասկոսի դեսպանութեան մէջ։


Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, Սուրբ Աթոռի Սուրիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Մարիօ Զէնարի, յայտնած է թէ երեքշաբթի 5 նոյեմբերի առաւօտեան կանուխ, Տամասկոսի մէջ գտնուող Սուրբ Աթոռի դեսպանութեան վրայ հրասանդի հրթիռ մը ինկած է, պատճարելով միայն, բարեբախտաբար, նիւթական վնասներ։
Առաքելական դեսպանը ապա անդրադառնալով սուրիական տագնապին ակնարկած է քրիստոնեաներու ապրած մտահոգիչ կացութեան, ի տես անոնց դէմ, վերջին շրջնաին գործադրուած արարքներուն։ Գերապայծառ Զէնարի յատուկէն մատնանշած է նաեւ մանուկներու կրած ու ապրած տառապանքներուն, կոչ ուղղելով որ վերջ դրուի եղբայրասպան պատերազմին եւ մանուկներուն կարելիութիւն տրուի ապրելու խաղաղ եւ օրինաւոր կեանք մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.